2014-10-10 12:48:23

Ֆրանչիսկոս Պապի 10 հոկտեմբերի քարոզը` ''Խղճի քննութեան կարեւորութիւնը պաշտպանուելու համար չարէն''։


(Ռ.Վ. 10 հոկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 10 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, զգուշացուց չարէն եւ յորդորեց խղճի քննութիւն կատարել որպէսզի չարը չկարենայ մուտք գործել մեր սրտերուն մէջ։
Մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի սատանային մասին որ չի դադրիր փորձութիւններու ենթարկել մարդը, Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ սատանան համբերատար է եւ չթողուր ինչ որ կը ցանկայ ՝ այսինքն մեր հոգին։
Սատանան ջանաց միշտ փորձութեան մատնել Յիսուսը, ոչ միայն անապատին մէջ այլ նաեւ անապատէն դուրս՝ մինչեւ Խաչ ։
Որպէսզի թոյլ չտանք չար հոգիներուն որ մուտք գործեն մեր սրտին մէջ պէտք է պահպանել մեր սիրտը, ուր կը բնակի Սուրբ Հոգին ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու քարոզը աւարտելով հրաւիրեց պահպանել մեր սրտերը ամէն օր խղճի քննութիւն կատարելով։ Ասիա ընելով պիտի պաշտպանուինք չարէն եւ գէշ դիտաւորութիւններէն։
''Խղճի քննութիւնը շնորհք մըն է, որովհետեւ մեր սիրտը պահպանել կը նշանակէ պահպանել Սուրբ հոգին՝ որ մեր մէջ կը գտնուի'', հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.